2015-03-17 13:52:00

''Ողորմութեան Յոբելինական Տարին''` մեկնաբանութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան)    Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէն յայտարարուած ողորմութեան նուիրուած յոբելինական տարւոյն  ի լուր Լատերանեան քահանայապետական համալսարանի դասախօս  ու  Հռոմի աւագ դպրեվանքին հոգեւոր հայր`Մաւորօ Քոցցոլ ,  արտակարգ Ս. Տարոյն հռչակումը  ըսաւ թէ ''Ողորմութեան ս. տարին հռչակելը կը նշանակէ կեդրոնացնել Եկեղեցին Աստուծոյ գլխաւորութեան վրայ։ Ս. Տարին բարեպատեհ առիթն է օգտուելու Աստուծոյ շնորհքէն ու միաժամանակ ողորմած դառնալու հանդէպ ուրիշներուն''։ Ան ապա ընդգծեց  թէ ''Ողորմութիւնը բնականաբար չի նշանակեր ուրանալ մեղքին գոյութիւնը։ Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ որ կարելի է յաղթահարել չարը։ Մեղաւորը կարող է զղջալ ու ներում գտնել։ Մարդկութիւնը կարիքն ունի այդ շնորհքին յաղթահարելու ֆիզիկական թէ բարոյական չարը որ զինք կը տառապեցնէ։ Առանց դարձի չկայ ողորմութիւն։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'ուզէ մեզ առաջնորդել դէպի Յիսուս ''ողորմութիւն կ'ուզեմ եւ ոչ զոհ''։ եթէ կարողանանք ըմբռնել Յիսուսի վերյիշեալ խօսքը ողորմութեան ս. տարին պիտի դառնայ մեծ առիթ մը ու յոյսի աղբիւր։ 

Իր կարգին Հայր  Ճանֆրանքօ Թեսթա`  հիմնադիրը Ներումի համալսարանին  ըսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու վկաները Աստուծոյ ողորմութեան։ Բարեբեր է որ այս ս. տարին կը զուգադիպի վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի փակումի 50-րդ տարեդարձին։ Կերպով մը հրաւէր մըն է ընթանալու անոր հետքերուն վրայ։ Հետեւաբար գովաբանել Տէրը որովհետեւ ողորմած է ու ապա Անորմէ չսորվիլ ուրիշին հանդէպ ողորմածութիւնը բանի չի ծառայեր ու անօգուտ է։ Աղօթենք որ օրհնեալ այս տարին առիթ մը հանդիսանայ մեր սրտերը լայն բանալու ուրիշներուն։ Քրիստոնեաներու ջարդին ի տես, իսլամական պետութեան տմարդի բռնութիւններուն պէտք ենք աւելցնել մեր սէրը։ Պարզամիտներ չենք, սակայն կը հաւատանք որ սէրը միայն կարող է խորտակել տրամաբանութիւնը բռնութեան, վրէժի ու ատելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.